Հայաստանի մէջ հանքարդիւնաբերական ոլորտի կարեւորութիւնը
Հայաստանի հանքարդիւնաբերական դաշտը յաճախ կը դիտարկուի իբրեւ ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող ոլորտ, որուն մէջ կը կարեւորուի նոր միտքերու, արդի գիտելիքի եւ պատասխանատու կառավարման համադրում մը։ Այս համատեքստին մէջ, 2025 թուականի հոկտեմբերին Ծաղկաձորի մէջ կայացած «Հայաստանի Հանքարդիւնաբերական Ֆորում – 2025»-ը դարձաւ հարթակ մը, որուն շուրջ համախմբուեցան ոլորտի շուրջ բոլորուած ազդեցիկ ներկայացուցիչներներ, ինչպէս նաեւ միջազգային փորձ եւ պետական-հասարակական կարեւորութիւն հանդիսացող մարմիններ։
Ֆորումին մասին՝ համառոտ
Անցնող 3-4 Հոկտեմբերին , Ծաղկաձորի մէջ, իրականացաւ «Հայաստանի Հանքարդիւնաբերական Ֆորում – 2025»-ը։
«ԶՊՄԿ» («Զանգեզուրի Պղնձամոլիբթենի Կազմակերպութիւն») ընկերութիւնը երկրորդ տարին կը շարունակէ հանդիսանալ այս մեծածաւալ նախաձեռնութեան գլխաւոր հովանավորը։ Ընկերութեան այս պատասխանատու մասնակցութեան 2025-ին միացան նաեւ հանքարդիւնաբերական եւ տարբեր ոլորտներու բազմաթիւ գործընկերներ, ինչը դարձեալ կը հաստատէ ամենատարբեր համայնքներու մէջ հանքարդիւնաբերութեան ռազմավարական դերին հանդէպ աճող գիտակցումը։
Ֆորումին մասնակցեցան միջազգային հեղինակաւոր փորձագետներ եւ հիւրեր՝ ժամանած տասնեակէ աւելի երկիրներէ։ Երկօրեայ քննարկումներու ընթացքին անոնք ներկայացուցին ելոյթներ՝ ոլորտի նոր միտումներուն, ընդհանուր խնդիրներուն եւ հնարաւոր լուծումներուն վերաբերեալ։ ՀՀ կառավարութեան անդամներ, համայնքներու ղեկավարներ, Հայաստանի գիտական, կրթական, հասարակական եւ մասնագիտական կառոյցներու փորձագէտներ, ինչպէս նաեւ ԶՊՄԿ-ի ղեկավարութիւնը մասնակցեցան քննարկումներու եւ բանավէճերու։
Ֆորումի ծիրին մէջ ներկայացուեցան խորքային հետազօտութիւններ՝ ոլորտի տնտեսական ազդեցութեան, ինչպէս նաեւ իրաւական եւ ներդրումային խնդիրներու մասին։ Քննարկուեցան տարածաշրջանային համեմատութիւններ, համայնքներու հետ փոխյարաբերութիւններու եւ վստահութեան խնդիրներ, ինչպէս նաեւ կայուն զարգացումի առաջնահերթութիւնները ու միջազգային նոր միտումները։
Միջոցառման ընթացքին հրապարակուեցաւ ԶՊՄԿ-ի Կայուն Զարգացման տարեկան զեկոյցը եւ ստորագրուեցաւ հուշագիր մը Հայաստանի Հանքարդիւնաբերութեան եւ Մետալուրգիայի Միութեան Էկոնոմիկայի նախարարութեան միջեւ։
ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութիւն՝ Ֆորումին
Նշենք, որ այս տարուան Ֆորումին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Վարչապետը ֆորումի բացման արարողութեան ժամանակ հանդէս եկաւ խօսքով շեշտելով, որ ոլորտը միաժամանակ եւ մեծ հնարաւորութիւններ ունի, եւ լուրջ մարտահրաւէրներ։ Ան նշեց, որ հանքարդիւնաբերութեան շուրջ կուտակուած հարցերը պահանջեն համակարգուած լուծումներ, մանաւանդ ոչ-մետաղական հանքերու, քարի եւ աւազի արդիւնահանման ենթա-ոլորտներուն մէջ, ուր տակաւին գոյութիւն ունի թէ՛ պակասուրդ, թէ՛ ստուերային շրջանառութիւն եւ թափանցիկութեան բացեր։ Վարչապետը ընդգծեց Արաքս գետին մէջ ապօրինի աւազահանման հետ կապուած տարածքային եւ անվտանգային սպառնալիքները։
Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ հանրային գիտակցութեան մէջ հանքարդիւնաբերութեան նկատմամբ գոյացած անվստահութեան, միաժամանակ ընդգծելով, որ այժմ պետութիւնը եւ ժողովուրդը իրական մասնաբաժին ունին Զանգեզուրի ՊՄԿ-ին եւ Ամուլսարին մէջ։ Ան կարեւորեց հանքային պաշարներէն համայնքներուն ուղղուած 2% յատկացումը, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ 2018–2025 թուականներուն . ԶՊՄԿ-ի պետական պիւտճէ վճարումները 148 տոկոսով աճած են՝ նախորդ յոթ տարիներուն համեմատ։
Վարչապետը նաեւ ըսաւ, որ հանքարդիւնաբերութիւնը պէտք է համապատասխանեցուի միջազգային բնապահպանական լաւագոյն չափանիշներուն, եւ այս խնդիրները պիտի ընդգրկուին նաեւ Հայաստանի մէջ կայանալիք COP17 կենսաբազմազանութեան համաշխարհային գագաթնաժողովին։ Ան ընդգծեց, որ ոլորտին մէջ մեծ պահանջք կայ բարձր որակաւոր մասնագէտներու եւ արհեստաւորներու, նկատելով, որ հանքարդիւնաբերութիւնը կրնայ դառնալ երկրի կրթական եւ տնտեսական շարժիչ ուժ։
Փաշինեան նշեց, որ անհրաժեշտ է երկարացնել արտադրական շղթան եւ լրջօրէն քննարկել Հայաստանի մէջ արդիւնաւէտ պղնձաձուլարան ունենալու հարցը։ Ան նաեւ կարեւորեց օգտակար ընդերք հանածոներու ուսումնասիրութեան նոր փուլ մը սկսելու անհրաժեշտութիւնը՝ ժամանակակից հետազօտական միջոցներով։
2026 Թուականի Աշնան ընդառաջ. Հայաստանի մէջ պիտի կայացուի ՄԱԿ-ի Կենսաբանական Բազմազանութեան մասին Քոնվեցիայի կողմերու 17-րդ համաժողովը
Նշենք, որ 2026-ի աշնան Հայաստան կը պատրաստուի հիւրընկալել ՄԱԿ-ի Կենսաբանական Բազմազանութեան մասին Քոնվեցիայի կողմերու 17-րդ համաժողովը (COP 17)։ Այս կարեւորագոյն իրադարձութեան նախաշեմին՝ ֆորումի ընթացքին յայտարարուեցաւ մրցոյթ մը՝ ուղղուած հանքարդիւնաբերութեան մէջ կենսաբազմազանութեան պահպանութեան ծրագիրներու մշակման։ Մրցոյթին կրնան մասնակցիլ հանքարդիւնաբերական ընկերութիւններ, ինչպէս նաեւ հասարակական, գիտական ու կրթական հաստատութիւններ։ Յաղթողը յաջորդ տարի կը պարգեւատրուի բնապահպանութեան ոլորտի առաջատար միջազգային մասնագէտ Ճոն Հոպսի անուան մրցանակով։









