image

Հայաստանի եւ Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարարները քննարկած են համագործակցութեանն առնչուող հարցեր

Հայաստանի եւ Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարարները քննարկած են համագործակցութեանն առնչուող հարցեր

Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը պաշտօնական այցով կը գտնուի Կիպրոսի Հանրապետութիւն։ Դեկտեմբեր 12-ին ան հանդիպած է Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարար Միխալիս Եորղալասի հետ։

Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութենէն յայտնած են, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ հայ-կիպրական համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր:

«Կողմերն ամփոփել են համագործակցութեան ներկայիս ընթացքն ու նախանշել դրա զարգացման նոր հնարաւորութիւնները`պատրաստակամութիւն յայտնելով գործակցել աւելի ընդգրկուն օրակարգով՝ ուսումնավարժական ծրագրեր, փորձի փոխանակում տարբեր ոլորտներում, ռազմատեխնիկական համագործակցութիւն եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Սուրէն Պապիկեան իր գործընկերոջ ներկայացուցած է նաեւ ՀՀ կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը: