image

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդները կողմ են խաղաղութեան. Ղարիպաշվիլի

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդները կողմ են խաղաղութեան. Ղարիպաշվիլի

Մենք շատ լաւ հնարաւորութիւն ունենք օգտուելու տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած նոր իրավիճակէն: Պատճառը, որով այս մասին կը խօսիմ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու դիրքորոշումն է. անոնք երկուքն ալ հանդէս կու գան յանուն խաղաղութեան տարածաշրջանին մէջ:

Այս մասին ըսած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին:

«Այս տարի Վրաստանը կարեւոր նախադէպ ստեղծած է տարածաշրջանին մէջ, եւ ես շատ ուրախ եմ, որ այդ տեղի ունեցած իմ միջնորդութեամբս: Մենք ստեղծած ենք առաջին նախադէպը մեզի համար բարեկամ եւ հարեւան երկու երկրի միջեւ», ըսած է Ղարիպաշվիլին:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ՝ Ղարիպաշվիլին յայտնած է հետեւեալը. «Անկասկած, Թուրքիան շատ կարեւոր խաղցող է տարածաշրջանին մէջ: Մենք բարեկամական եւ եղբայրական յարաբերութիւններ ունինք Թուրքիոյ հետ»: