image

Հայաստանի աւագանին Եռաբլուր այցելեց

Հայաստանի աւագանին Եռաբլուր այցելեց

Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաները Անկախութեան 30-րդ տարեդարձին առթիւ այցելեցին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն:  «Նիւզ.ամ» կը նշէ,  որ  Եռաբլուր կը գտնուին  վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանը, Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը, փոխվարչապետներ Սուրէն Պապիկեանը, Մհեր Գրիգորեանը, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը, Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ Արտակ Դաւթեանը, նախարարներ ու պատգամաւորներ։