image
Հրատապ լուրեր:

«Հայաստան» խմբակցութիւնը հրաժարած է պարգեւավճարներէն

«Հայաստան» խմբակցութիւնը հրաժարած է  պարգեւավճարներէն

Ըստ տարածուած տեղեկութիւններուն, խորհրդարանի պատգամաւորներուն, անոնց կարգին եւ ընդդիմադիր, տրուած են պարգեւավճարներ։ Ընդդիմադիր «Հայաստան» պատգամաւորական խմբակցութիւնը դատապարտած է նման վարքագիծը։ Այս մասին Ազգային ժողովէն ներս աւանդական ճեպազրոյցի ժամանակ 17 Սեպտեմբերին ըսաւ «Հայաստան» ընդդիմադիր խմբակցութենէն ԱԺ-ի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը։

 

Սաղաթէլեան ըսած է, թէ խօսքը Հայաստանի Անկախութեան օրուայ առթիւ տրուած պարգեւավճարներու մասին է։

 

«Մեզ համար դա անընդունելի է, եւ ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան անունից մենք յայտարարում ենք, որ չենք վերցնի այդ փողերը։ Դա անընդունելի է եւ արժանի դատապարտման, յատկապէս երբ երկրում հսկայական թուով ընկերային խնդիրներ կան։ Մենք աւելի քան 10 հազար վիրաւոր ունենք, հաշմանդամներ, եւ այս պայմաններում պետական պաշտօնատար անձինք, այդ թուում եւ պատգամաւորները, շարունակում են պարգեւավճարներ ստանալ»,- ըսաւ ԱԺ փոխնախագահը։

 

Խորհրդարանականը նշեց, որ բոլոր միջոցները կամ կը վերադարձուին պետական պիւտճէ, կամ կ'ուղղուին սահմանամերձ համայնքներու այս կամ այն օրախնդիր ծրագիրը իրականացնելու համար։