image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան. Կարմրուկ հիւանդութեան թիւերը կ՚աճին

Հայաստան. Կարմրուկ հիւանդութեան թիւերը կ՚աճին

9 մարտի ժամը 10:00-ի դրութեամբ` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կարմրուկի տարրալուծարանով հաստատուած դէպքերու թիւը հասած է 43-ի։ Անոնցմէ 17-ը հիւանդանոց փոխադրուած է, 15-ը չէ փոխադրուած, 11-ը՝ դուրս գրուած, յայտնած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութիւնը։

Հիւանդներու առողջական վիճակը կը գնահատուի միջին ծանրութեամբ, 2-ինը՝ ծանր է:

43 վարակուածէն 40-ը պատուաստուած չէ, 3-ը պատուաստուած է մէկ դեղաչափով: