image

Հայ զօրավարը մերժած է պատասխանել սահմանի մասին եղած հարցումներուն

Հայ զօրավարը մերժած է պատասխանել սահմանի մասին եղած հարցումներուն

ՀՀ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի կազմակերպչական-զօրահաւաքային վարչութեան պետ, զօրավար Ալպերթ Պաղտասարեանը Ազգային ժողովին մէջ հրաժարեցաւ լրագրողներու հարցերուն պատասխանելէ:

Լրագրողները կը հետաքրքրուէին, թէ ինչ կը կատարուի սահմաններուն, մասնաւորապէս Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մէջ, արդեօք ձմրան շեմին կահաւորուած են սահմանները, արդեօք ապահով վիճակի մէջ են մեր զինուորները:

«Ես ձեր ոչ մի հարցի չեմ պատասխանի», ըսաւ ան ու հեռացաւ՝ առանց որեւէ բացատրութիւն տալու: