image

Հայ ժողովուրդի թիկունքին գործարքներ պիտի չըլլան. Ռուսաստանի դեսպան

Հայ ժողովուրդի թիկունքին գործարքներ պիտի չըլլան. Ռուսաստանի դեսպան

Քանի որ այդ ամբողջ աշխատանքը կը կառուցուի իւրաքանչիւր կողմի շահերուն վրայ հիմնուած երկխօսութեան հիման վրայ, այսինքն՝ ոչ թէ ինչ-որ մէկուն ինչ-որ բան կը պարտադրուի, այլ փորձ կը կատարուի գտնել շահերու եւ հետաքրքրութիւններու հաւասարակշռութիւն, փոխշահաւէտ, փոխզիջումային տարբերակներ, որոնք ընդունելի պիտի ըլլան ինչպէս մէկուն, այնպէս ալ միւսին համար, այդ իսկ պատճառով գործընթացը այդքան արագ առաջ չ'երթար: Բայց, ամէն պարագայի, այդ աշխատանքը միտուած է շփման ընդհանուր եզրեր գտնելուն, այսինքն՝ խօսք անգամ չի կրնար ըլլալ հայ ժողովուրդի թիկունքին գործարքներ ընելու, շահերը յանձնելու, դաւաճանութեան մասին՝ ինչպէս այստեղ երբեմն կը վախնան:

 

Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի գնահատմամբ՝ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ին Լեռնային Ղարաբաղի գօտիին մէջ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման մասին Ռուսաստանի միջնորդութեամբ ընդունուած Փութին-Փաշինեան-Ալիեւ եռակողմ յայտարարութեան պայմանաւորուածութիւնները, ընդհանուր առմամբ, կը պահպանուին՝ չնայած որ ողբերգական միջադէպեր եւ խնդիրներ զինադադարի հաստատումէն յետոյ ալ գրանցուած են: Այդ մասին Ռուսաստանի Դաշնութեան դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը ըսած է՝ խօսելով ուղիղ մէկ տարի առաջ պատերազմական գործողութիւններու դադրեցման մասին ընդունուած յայտարարութեան դրոյթներու կատարման վերաբերեալ:

«Ի հարկէ, կան խնդիրներ, կը պատահին նաեւ ողբերգական միջադէպեր: Այդ ամէնը շատ բարդ է: Բայց այն հակամարտային ներուժի, զգացական լարուածութեան լոյսին տակ, որ կը կուտակուէր տասնամեակներ շարունակ, այն ողբերգութեան լոյսին տակ, որ եղաւ մէկ տարի առաջ, ես կը կարծեմ՝ կարելի է ըսել, որ այդ պայմանաւորուածութիւնները, ընդհանուր առմամբ, կը գործեն եւ շատ կարեւոր դեր կը խաղան արիւնահեղութիւնը կանխելու, բնակչութեան անվտանգութիւնը ապահովելու եւ իրավիճակի կարգաւորման ուղիներ փնտռելու առումներով», ըսած է Ռուսաստանի Դաշնութեան դեսպանը:

Սերկէյ Քոփիրքինը խօսած է նաեւ որպէս Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան շարունակութիւն 2021 թուականի Յունուար 11-ին Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարների կողմէ ընդունուած միւս եռակողմ յայտարարութեան մասին, որ գլխաւորապէս կը վերաբերի տարածաշրջանին մէջ տնտեսական եւ ճանապարհային կապերու վերականգնման եւ այդ նպատակով փոխվարչապետներու աշխատանքային խումբ ստեղծելուն:

«Այդ, ի հարկէ, հեշտ աշխատանք չէ: Կ'ուզեմ ընդգծել, որ քանի որ այդ ամբողջ աշխատանքը կը կառուցուի իւրաքանչիւր կողմի շահերուն վրայ հիմնուած երկխօսութեան հիման վրայ, այսինքն՝ ոչ թէ ինչ-որ մէկուն ինչ-որ բան կը պարտադրուի, այլ փորձ կը կատարուի գտնել շահերու եւ հետաքրքրութիւններու հաւասարակշռութիւն, փոխշահաւէտ, փոխզիջումային տարբերակներ, որոնք ընդունելի պիտի ըլլան ինչպէս մէկուն, այնպէս ալ միւսին համար, այդ իսկ պատճառով գործընթացը այդքան արագ առաջ չ'երթար: Բայց, ամէն պարագայի, այդ աշխատանքը միտուած է շփման ընդհանուր եզրեր գտնելուն, այսինքն՝ խօսք անգամ չի կրնար ըլլալ հայ ժողովուրդի թիկունքին գործարքներ ընելու, շահերը յանձնելու, դաւաճանութեան մասին՝ ինչպէս այստեղ երբեմն կը վախնան: Ռուսաստանն ալ իր հերթին շատ կոկիկ կ'աշխատի՝ ամբողջութեամբ յարգելով թէ՛ այս եւ թէ՛ այն կողմի ինքնիշխանութիւնը: Մեր խնդիրն է առաւելագոյնս բարենպաստ պայմաններ ստեղծել փոխադարձաբար ընդունելի լուծումներ գտնելու նպատակով», ըսած է դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը: