Այսօր ազգովին կը նշենք Ատրպէյճանի վարչակարգին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ պատերազմական գործողութիւններու առաջին տարելիցը: Ինչպէս միշտ, այսօր ե՛ւս յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան մարտնչած մեր բոլո՛ր հայ զինուորներուն ու անոնց ընտանիքներուն կողքին ենք: Ինչպէս նաեւ կողքին ենք բոլոր անոնց, որոնք արցախեան 44-օրեայ պատերազմին պատճառով կորսնցուցին իրենց սիրելի զաւակը, հայրը, ամուսինը, զոհաբերեցին իրենց առողջութիւնը, լքեցին իրենց պապենական տունն ու հողը եւ տակաւին կը դիմագրաւեն պատերազմի պատճառով իրենց առաջ դրուած բազմազան խոչընդոտներ: Ինչպէս անցեալին, ներկայիս եւս կը շարունակենք թիկունք կանգնիլ կարիքաւոր մեր հայրենակիցներուն: Աւելի ե՛ւս կը շարունակենք սատարել մեր սահմանները պաշտպանող հայ զինուորին:
Կառչած մնալով Հայ օգնութեան միութեան առաքելութեան եւ յատկապէս անոր գործունէութեան` «Յատուկ յատկացումներ կատարել` սնունդ, դեղորայք եւ հագուստեղէն հայթայթելու պատերազմներու, համաճարակներու եւ բնական աղէտներու ժամանակ եւ օգնել հաշմանդամներու, հիւանդներու, կարօտեալներու, ռազմագերիներու եւ տեղահանուածներու» կէտին, 27 Սեպտեմբեր 2020-ին սկիզբ առած Արցախի պատերազմի առաջին իսկ օրէն ՀՕՄ-ը իր ամբողջ ներուժը օգտագործեց, որպէսզի անմիջական օժանդակութեան աշխատանքները ի գործ դնելով` ձեռք երկարէ վիրաւոր Արցախին ու մեր հայրենակիցներուն:
Կեդրոնական վարչութեան, Հայաստանի եւ Արցախի ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութիւններուն եւ մասնաճիւղերուն, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ ՀՕՄ-ի միաւորներուն ու համակիրներուն ճիգերով կարելի եղաւ օժանդակութիւն տրամադրել հազարաւոր կարօտեալներու: Վերջին ժամանակաշրջանին իրագործուած ծրագիրներուն կողքին, այսօր Կեդրոնական վարչութիւնը կը մշակէ նոր ծրագիր` օժանդակելու համար հայ գերիներու եւ անհետ կորսուած զինուորներու ընտանիքներուն:
Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք ՀՕՄ-ի համակիրներուն, նուիրատուներուն եւ միաւորներուն, որոնց նիւթական աջակցութեամբ կ՛իրագործուին անմիջական օժանդակութեան ծրագիրները Արցախի եւ Հայաստանի մէջ:
«Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» կարգախօսով ՀՕՄ-ի աշխատանքները կը շարունակուին նոյն թափով: Մարդասիրական ծրագիրներուն մասնակից դառնալու համար կրնաք ձեր նուիրատուութիւնը կատարել ՀՕՄ-ի Արցախի օժանդակութեան ֆոնտին (https://ars1910.org/give):
ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ