Միացեալ Նահանգները կ՚ողջունէ Թուրքիոյ արդիւնաւէտ դերը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ։ Այս մասին դեկտեմբեր 14-ին տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մեթիւ Միլլըր։
«Այս թեման Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի բոլոր քննարկումներու մասն է: Մենք կ՚ողջունենք Թուրքիոյ արդիւնաւէտ դերն այս հակամարտութեան կարգաւորման առնչութեամբ: Մենք համաձայն ենք Ֆիտանի այն խօսքերու հետ, որ խաղաղութիւնը հնարաւոր է: Միացեալ Նահանգները կը սատարէ կողմերու ուղիղ բանակցութիւններուն՝ խաղաղութեան հասնելու համար»,-ըսած է Միլլըր: