image

Հարիրի առանց անունը տալու, մեղադրեց՝ «Հըզպալլա»ն

 Հարիրի առանց անունը տալու, մեղադրեց՝ «Հըզպալլա»ն

 Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի թվիթերեան իր էջով գրառումներ կատարեց եւ առանց անունը տալու մեղադրեց «Հըզպալլա»ն։

 

 Հարիրի մասնաւորապէս ըսաւ, որ այս դժուարին օրերուն անընդունելի է Լիբանանի հարաւը դարձնել մարտադաշտ ու նաեւ արտաքին կողմերու ծրագիրներուն համար ստեղծուած խաղադաշտի։

Սիւննի ղեկավարը նաեւ ըսաւ, որ Լիբանան կապ չունի եւ հեռու պէտք է մնայ  Իրան-Իսրայէլ հակամարտութիւնէն յիշեցնելով նաեւ, որ լիբանանցի ժողովուրդի անվտանգութեան միակ եւ գլխաւոր երաշխաւորը պէտք է ըլլայ Լիբանանի պետութիւնը։