Մեր համոզումն այն է, որ Հարաւային Կովկասի ապագան պէտք է որոշեն այն երկիրները, որոնց համար այս տարածաշրջանը ընդհանուր տուն է, մինչդեռ ո՛չ Միացեալ Նահանգները, ո՛չ Ֆրանսան, ո՛չ Եւրոպական Միութեան երկիրները չեն դասուիր այդ երկիրներու շարքին։
Այս մասին «Իզվեսթիա»-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Քալուզինը:
«Ըստ այդմ, մենք հակաարդիւնաւէտ կը համարենք ոչ տարածաշրջանային ուժերը՝ «արեւմտականները» տարածաշրջան ներքաշելը, որուն, ցաւօք, վերջին շրջանին պաշտօնական Երեւանը հակուած է։ Մենք կը տեսնենք, որ ոչ մէկ երկրի կամ տարածաշրջանի մէջ, ուր միջամտած են Միացեալ Նահանգները եւ անոր արբանեակները Եւրամիութենէն եւ ՆԱԹՕ-էն, կայունութիւն եւ հաստատուն խաղաղութիւն չէ եղած:Եղած է միայն պետականութեան կործանում, քաոս ու ապակայունացում։ Օրինակները շատ են՝ Պալքանները, Իրաքը, Լիպիան, Սուրիան, Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած պաղեստինեան տարածքները», -ըսած է Քալուզինը։
Ան աւելցուցած է, որ Անդրկովկասի մէջ Արեւմուտքի շահերը կապուած են ոչ թէ Հայաստանին օգնելու՝ կարգաւորել յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի հետ եւ հասնիլ կայուն խաղաղութեան, այլ Ռուսիոյ այս գործընթացէն դուրս մղելու եւ անոր սահմաններու անմիջական մերձակայքին մէջ լարուածութեան եւս մէկ օճախ ստեղծելու հետ։