«Քովիտ»ի բարդութեանց պատճառով մահացած հանրայայտ երգիչ Հայկոյի հրաժեշտի արարողութեան մասին տեղեկութիւններ հաղորդած է հանգուցեալի գործընկեր բեմադրիչ՝ Հրաչ Քէշիշեան։
Ան գրած է, որ հոգեհանգստեան կարգը պիտի կատարուի հինգշաբթի օր (այսօր) Երեւանի Կոնտ շրջանի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ յետմիջօրէի ժամը 18:00-ին, իսկ վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կատարուի ուրբաթ հոկտեմբերին՝ Արամ Խաչատրեանի համերգասրահէն ներս առաւօտեան ժամը 11:00 -էն սկսեալ։
Լոյս իր հոգւոյն եւ յաւերժ յիշատակ։