image

«Համաս»-ը յայտարարած է ծանր զինատեսակները վար դնելու պատրաստակամութեան մասին

«Համաս»-ը յայտարարած է ծանր զինատեսակները վար դնելու պատրաստակամութեան մասին

Պաղեստինեան «Համաս» շարժումը յայտնած է իր պատրաստակամութիւնը՝ Իսրայելի հետ հրադադարի համաձայնագրի շրջածիրէն ներս ծանր զինատեսակները վար դնելու, իսկ Միացեալ Նահանգները համաձայնութիւն տուած է նմանատիպ զինաթափման ձեւաչափին։ Այս մասին, ըստ արաբական «Asharq Al-Awsat» թերթին, հաղորդած է ամերիկացի միջնորդ Պիշար Պահպահը։

«Կազայի բանակցութիւններու գլխաւոր միջնորդ Պիշարա Պահպահը նշած է, որ «Համաս» շարժումը, որուն հետ ինք շարք մը բանակցութիւններ վարած է, իրեն տեղեկացուցած է, որ բաց է ծանր զէնքը վար դնելու հնարաւորութեան առջեւ եւ պատրաստ է այդ քայլը ընելու»,– կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ։

Պահպահը աւելցուցած է, որ ամերիկեան վարչակազմը իրեն յայտնած է Ուաշինկթընի պատրաստակամութիւնը՝ ընդունելու նմանատիպ ձեւաչափը։

Աւելին՝ «Համաս» խոստացած է Կազայի բաժնին մէջ այլեւս զէնք չմշակել եւ ոչ ալ զէնք մաքսանենգաբար ներմուծել։ Պահպահը շեշտած է, որ ասոնք կարեւոր կէտեր են, սակայն Իսրայէլը կը պնդէ, որ «Համաս»-ի բոլոր փապուղիները պէտք է քանդուին՝ որպէս զինաթափման գործընթացի մէկ մաս։