«Արեւելք»ի Հալէպի թղթակիցէն կ՚իմանանք, որ երէկ հանդիսաւորապէս բացուած է Հալէպի «Հին Շուկա»ի՝ «Խան ալ հարիր»ը։
Հալէպցիներուն համար իրապէս սպասելի միջոցառում էր երէկ տեղի ունեցածը եւ ի վերջոյ «Խան Ալ Հարիր»ի (Մետաքսի շուկայ) 60 խանութներն ու «Սահէդ Ալ Ֆսթոք»ի (Պիստակի Հրապարակ) 18 խանութները իրենց դռները կրկին բացին վաճառականութեան եւ առուծախի: Հին Հալէպի շուկաներու այս առանցքը՝ Խան Ալ Հարիրը, որ միացած է Սահէդ Ալ ֆսթոքի ու Ալ Սաքթիա շուկաներուն կեանքի պիտի կոչուի:
«Խան Ալ Հարիր»ի վերակենդանացումը պատերազմէն ետք, կը համարուի ամէնէն կարեւոր քայլերէն մէկը Հին Հալէպի շուկաներու վերանորոգման ծիրէն ներս, նկատի առնելով անոր պատմական ու նոյնիսկ աշխարհագրական դիրքը բոլոր հին շուկաներուն մէջ:
Հալէպ քաղաքի նահանգապետութեան (գլխաւորութեամբ նահանգապետ Հուսէյն Տիապին) հին շուկաներու վերանորգման ու վերականգնումի աշատանքները վերջ պիտի չգտնեն անշուշտ, եւ տակաւին շատ ուրիշ հին արժէքներ ներկայացանող շուկաներ ուշադրութեան առարկայ են: Այժմ աշխատանքներ կը տարուին նաեւ հին քաղաքի այլ շուկաներ վերաբանալու կապակցութեամբ:
Զանազան համայնքներ, տարբեր հաստատութիւններ ու կազմակերպութիւններ, վայելելով առաջին տիկնոջ՝ Տիկին Ասմա Ասատի հովանաւորութիւնը, ջանք չեն խնայեր պահպանելու եւ վերապրացնելու նիւթական այս մշակոյթը մանաւանդ Սուրիոյ այն շրջաններուն մէջ, որոնք պատերազմի ընթացքին մեծ վնասներ կրած էին: Այս ջանքերը կը ձգտին նաեւ աջակցիլ փոքր ձեռնարկատիրութիւններուն եւ խանութներու սեփականատէրերուն, ապահովելով պէտք եղած դիւրիւթիւնները, որպէսզի անոնք նոր թափով սկսին իրենց գործունէութիւնը Խան Ալ Հարիրին մէջ:
Վերանորոգման աշխատանքները շարունակելի են եւ յոյսերը մեծ, որ հին Հալէպի հրաշալի շուկաները, իւրաքանչիւրը իր հերթին վերականգնուի եւ ի վերջոյ Հալէպը յաղթահարելով պատերազմը ու անոր պատճառած աւերները, վերադառնայ իր մօտիկ անցեալի փառքի օրերուն։
Լուսանկարները ՝ «Արեւելք»ի սերտ գործակից յայտնի լրագրող ՝ Ճօրճ Ուրֆալեանին։