image

«Հալէպի համաձայնութիւն»ը ընթացք առաւ

«Հալէպի համաձայնութիւն»ը ընթացք առաւ

Համաձայնագիրը, որ ձեռք բերուած է թրքական անվտանգութեան պատուիրակութեան ներկայութեամբ, կոչուած է «Հալէպի համաձայնութիւն» եւ կը նախատեսէ «Աֆրինի եւ Պապի մէջ բոլոր ռազմական տագնապներու վերացումը», ինչպէս նաեւ կը նախատեսէ, որ «Թահրիր Ալ Շամ»ը պէտք դուրս գայ իր վերահսկողութեան տակ գտնուող դիրքերէն Աֆրինի գիւղերուն մէջ` Հալէպի հիւսիսը:

 

Ըստ տեղեկութիւններուն` «Եփրատի վահան» եւ «Ձիթենիի ճիւղ» զինեալներուն կողմէ վերահսկուող շրջաններուն մէջ վերջին 24 ժամուան մէջ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին սպաննուած է 25 զինեալ եւ աւելի քան յիսուն ուրիշներ վիրաւորուած են:

Աղբիւրները կը նշեն, որ բախումներու կշռոյթը «նուազած է թրքական միջամտութենէն յետոյ, որ յանգեցուցած է հակամարտող խմբաւորումներու միջեւ համաձայնութեան եւ պայմանաւորած է Ազգային բանակի զինեալներու դուրսբերում «Ահրար Ալ Շամ» շարժման կեդրոններէն, եւ շարժումը վերադարձուցած է իր կէտերուն՝ Պապ Շարքի քաղաքի արեւելեան գիւղերուն մէջ:

Համաձայնագիրը, որ ձեռք բերուած է թրքական անվտանգութեան պատուիրակութեան ներկայութեամբ, կոչուած է «Հալէպի համաձայնութիւն» եւ կը նախատեսէ «Աֆրինի եւ Պապի մէջ բոլոր ռազմական տագնապներու վերացումը», ինչպէս նաեւ կը նախատեսէ, որ «Թահրիր Ալ Շամ»ը պէտք դուրս գայ իր վերահսկողութեան տակ գտնուող դիրքերէն Աֆրինի գիւղերուն մէջ` Հալէպի հիւսիսը:

Համաձայնագիրը հաստատեց «Թահրիր Ալ Շամ»-ի դուրսբերումը «Ձիթենիի ճիւղ»-ի տարածքէն եւ վերադարձ դէպի նախկին վերահսկողութեան կէտեր:

Թրքական բանակի եւ անոր հակամէտ զինուած խմբաւորումներու` «Եփրատի վահան» եւ «Ձիթենիի ճիւղ» կոչուող գործողութիւններու շրջաններուն մէջ թրքական բանակի բախումներուն հետեւանքով զոհուած է աւելի քան տասը խաղաղ բնակիչ, այդ շարքին` չորս երեխայ: 

Նշենք, որ վերջին երկու օրերու ընթացքին «Թահրիր Ալ Շամ»-ը մտած է «Ձիթենիի ճիւղ»-ի շրջաններ եւ իր վերահսկողութեան տակ առած է 3 գիւղ` յառաջանալով դէպի Աֆրին քաղաք՝ Հալէպի հիւսիսային գիւղերուն մէջ: