Արմատներով Սուրիահայ եւ Հալէպի ծնունդ Միրնա Պզտիկեանը օրերս դարձած է Հայաստանի գեղեցկութեան մրցանքի ախոյեան։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանցէն։
Միրնա ըլլալով Հալէպի Ազգային Քարէն եւ Եփփէ Ազգային Ճեմարանի ուսանող ուշադրութեանը արժանացած է իր յաճախած վարժարանի պատկան մարմիններուն, որոնք իր ձեռքբերումին մասին կարճ գրառում մըն ալ թողարկած են Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան դիմատետրի էջով։
Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ գրութիւնը, ուր մասնաւորապէս կ՚ըսուի ՝
«Հայաստանի Հանրապետութեան գեղեցկութեան մրցաշարին դափնեկիրը մեր՝ Միրնան է։
2019 կոմիտաս սերունդի աշակերտներէն ՄԻՐՆԱ ՊԶՏԻԿԵԱՆը, Հայաստանը պիտի ներկայացնէ համաշխարհային մրցաշարերուն, որուն սրտանց յաջողութիւն կը մաղթենք։ Կը շնորհաւորենք մասնաւորաբար իր ընտանիքին եւ ինչո՞ւ չէ նաեւ այս յաջողութիւնը համայն սուրիհայութեան, մեզի համար մեծ ուրախութիւն եւ պատիւ է։
Կեցցէ՛ս ՄԻՐՆԱ.. Յարատեւէ՛»։