image

Գործարար Վաչէ Գավլաքեանի ընկերութիւնը բարձր մրցանակի տիրացած

Գործարար Վաչէ Գավլաքեանի ընկերութիւնը բարձր մրցանակի տիրացած

 Արմատներով Հալէպէն եւ երկար ժամանակէ ի վեր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ հաստատուած գործարար ՝Վաչէ Գավլաքեանի հիմնադրած NDIGITEC ընկերութիւնը օրերս բարձր մրցանակի տիրացած է։ 

 Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Գավլաքեանի դիմատետրեան էջէն, որ մասնաւորապէս գրած է, թէ իր կերտած ընկերութիւնը շահած է Packaging Design & Innovation Award in Prime Packaging MEA 2022 մրցանակը։ 

 

 Ուշագրաւն այն է, որ Գավլաքեանի ստեղծած կազմակերպութեան մէջ կարեւոր տեղ տրուած է սուրիահայ այն հայրենակիցներուն, որոնք պատերազմի հետեւանքով ստիպուած էին հեռանալ իրենց օճախներէն։ 

 

 Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք Պրն. Գավլաքեանին, որ ոչ միայն անհատական այլ նաեւ համայնքային մակարդակի վրայ կը վարէ դրական գործունէութիւն։