Միացեալ Նահանգներ գտնուող ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար ՝Արմէն Գրիգորեան հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի Անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվանին հետ։
Կը նշուի, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի սահմանային անվտանգութեան վիճակը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ տնտեսական փոխ-գործակցութեան հեռանկարները։
Յատուկ անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական ձեռքբերումներուն մասին։
Գրիգորեան իր խօսակիցը հրաւիրած է Հայաստան։