image

Գիւմրիի մէջ ընթացքի մէջ է համայնքի ղեկավարի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի ընտրութիւնը

Գիւմրիի մէջ ընթացքի մէջ է համայնքի ղեկավարի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի ընտրութիւնը

Գիւմրիի մէջ ընթացքի մէջ է համայնքի ղեկավարի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի ընտրութիւնը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, շրջիկ խումբերը պատահականութեան սկզբունքով կ՚այցելեն քաղաքի տարբեր թաղամասեր ու տուներ։ Ընտրութիւններն պիտի կայանան դեկտեմբեր 8-ին, 9-ին եւ 10-ին:

Առաւելագոյն ձայներ ստացած թեկնածուն՝ վարչապետի որոշմամբ, պիտի նշանակուի Գիւմրի համայնքի ղեկավարի պաշտօնակատար, որմէ որոշ ժամանակ անց պիտի կայանան աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններ։

«Այս պահին «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան անդամները շրջում են Գիւմրիում եւ առաջարկում ընտրել իրենց քաղաքապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարին: Քուէարկութիւնները կ՚աւարտուեն եւ արդիւնքները կ՚ամփոփուեն դեկտեմբերի 10-ին»,-դիմատետրի էջին նշած է ՀՀ Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեանը:

Թեկնածուները եօթն են՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան անդամներ եւ համախոհներ՝ Լեւոն Անանեան, Դաւիթ Առուշանեան, Շաւարշ Արամեան, Էմմա Բարսեղեան, Սարիկ Մինասեան, Վահագն Մկրտչեան, Կարէն Սարուխանեան: