image
Հրատապ լուրեր:

Գիւմրիէն մեկնարկած է «Շիրակը յանուն հայրենիքի» երթը դէպի Աբովեան

Գիւմրիէն մեկնարկած է «Շիրակը յանուն հայրենիքի» երթը դէպի Աբովեան

Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ Արքեպիսկոպոս Աջապահեանի առաջնորդութեամբ Գիւմրիէն մեկնարկած է «Շիրակը յանուն հայրենիքի» շարժման երթը դէպի Աբովեան։ Երթը մեկնարկած է Եօթ Վէրք եկեղեցւոյ դիմացէն։

Շարժման անդամները Աբովեանի մէջ պիտի միանան Տաւուշէն սկիզբ առած երթին։

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումն ալ այսօր 13:00-ին Չարենցաւանէն ուղեւորուած է Աբովեան քաղաք։

«Միանում ենք ճշմարտութեան երթին։ «Շիրակը յանուն հայրենիքի» շարժումը նոյն տրամաբանութեամբ է ձեւաւորուել, երթով միանալու ենք Բագրատ Սրբազանի գլխաւորած ընդդէմ կեղծիքի, ընդդէմ ստի քայլերթին։ 

Անընդհատ պէտք է մեր հայրենիքի կտրոները զոհաբերենք մեր թշնամիների՞ն։ Սա՞ է մեր տրամաբանութիւնը։ Այդ կեղծ սահմանազատման գործընթացն իրականացւում է մեր ինքիշխանութեան, մեր սուվերէնութեան հաշուոյն»,- Գիւմրիի մէջ քայլերթէն առաջ ըսած է քայլերթին մասնակիցներէն մէկը։