image

Ղազախստան ուժեր ուղարկելով յաւելեալ աղէտներու առաջքը կ՚առնուի

Ղազախստան ուժեր ուղարկելով  յաւելեալ  աղէտներու առաջքը կ՚առնուի

Ղազախստանի  ընթացիկ իրադարձութիւնները, բաւական բարդ նիւթեր կ'արծարծեն:

Բազմաթիւ տեսանկիւններից կարելի է վերլուծել Փաշինեանի խօսքերը, այս մասին:

Ի դէպ, հիմակ ու  հիմա  ատոնք  միայն խօսքեր են, գոնէ մինչեւ այսօր։

Արդարեւ, ըստ RFE Radio-Libertyի այս նիւթի մասին վերջին լուրին՝ «Russia’s Sputnik news agency reported early in the afternoon that Armenia will contribute some 70 soldiers to the CSTO contingent», բայց՝ «there was no official confirmation of the information in the following hours.»

Այսինքն, ՀՀ կառավարութիւնը դեռ չէ հաստատած տեղեկութիւնը: Եւ ԱՄՆ պետութեան այդ յատուկ գործակալութիւնը շարունակում է, յայտնելով թէ՝ «RFE/RL’s Armenian Service could not reach the Defense Ministry in Yerevan for comment throughout the day. Neither the ministry nor the government issued any statements on the Armenian military deployment as of 9 p.m. local time.»

Սակայն եթէ հայ զինուորներ իրօք պիտի միանան ՀԱՊԿ-ի այդ ռազմական միջամտութեան, ապա՝ Հայաստանի համար Արեւմուտքի ծանրագոյն վտանգին գիտակցող հայերը, պէտք է որ գոհ ըլլան այս իրադարձութեամբ: Չնայած, մեզի համար վնասը արդէն իրականութիւն դարձաւ, ահաւոր չափերով... 

Բայց գոնէ, թերեւս, դեռ յաւելեալ աղէտներու առաջքը կ'առնուի: Քանզի այդ քայլը, հանդիսանալու է ՀՀ վարչակարգի կողմէ լուրջ կողմնորոշումի նշան մը՝ Մոսկուայի նկատամբ, եւ հակադրութիւն մը՝ արեւմտեան պետութիւնների գործողութիւններին, տարածաշրջանին մէջ: Նկատի ունենալով որ Ղազախստանի մէջ այդ պետական յեղաշրջման փորձը ակնյայտօրէն Արեւմուտքի ձեռքին գործն է, հաւանաբար որպէս հակադարձութիւն կամ կանխարգելիչ ազդարարութիւն՝ Ուկրաինայի սահմանին վրայ ռուսական զօրքերի կուտակումին, յարձակումի պատրաստութիւններուն (որոնք ալ կը վերաբերին Մոսկուայի հակայարձակման, որպէս պատասխան ՆԱՏՕի յարձակումին Ռուսաստանի վրայ, Արցախի - ցարդ - վերջին պատերազմով) :

Ի դէպ եթէ այս նիւթի մասին նախորդ գրառումս բաւարար յստակ չէ, աւելի յստակացնեմ՝

Ղազասխտաի մէջ տեղի ունեցող, ՆԱՏՕի կողմէ կազմակերպուած, հրահրուած եւ ղեկավարուած պետական տապալումի փորձին դէմ, ՀԱՊԿ-ի միջամտութիւնը այլազան առումներով իրաւացի է, ու նաեւ օրինաւոր է (արտաքին թշնամիի յարձակում է, ձեւականօրէն ծպտուած որպէս ներքին խլրտումներ) :

Կը թուի թէ Փաշինեանը, որպէս ՀԱՊԿի այժնու նախագահ, պիտի հանդիսանայ անոր այս զօրաշարժին պաշտօնական պատասխանատուն: Կը թուի թէ, նաեւ, ՀՀ Զինեալ ուժերը պիտի մասնակցին ՀԱՊԿ-ի սոյն գործողութեան:

Եթէ այդպէս ընթանան իրադարձութիւնները, ապա այս հիմնական առիթով, հաստատօրէն վերջ կրնայ դրուիլ Հայաստանի ինքնասպանական թեքումներուն դէպի ՆԱՏՕ: Եւ դրա նպաստաւոր արդիւնքը կը տեսնենք, յատկապէս եւ ի միջի այլոց Հայաստանի հարաւ-արեւելեան ռազմաճակատին վրայ:

Հետեւաբար, բոլոր ողջամիտ հայերը, կամ թող իրենց համաձայնութիւնը յայտնեն այս կացութեան մէջ Փաշինեանի դիրքորոշման նկատմամբ, կամ ալ պարզանէս, թող... բան չընեն: Ուրիշ կողմ նային:

Ի մասնաւորի, ՀՅԴաշնակցութիւնը, քանի որ տակաւին կայ «Հայաստան» դաշինքը, մէկ հատ քննադատական բառ թող չարտայայտէ, այս նիւթի կապակցութեամբ՝ կառավարութեան դէմ, եթէ անկէ առաջ նոյն ուղղութեամբ գոնէ հինգ հատ բացասական բառ չարտասանէ Ռոպէրթ Քոչարյանը - ուղղակի, ինքը :

Թէ ոչ, Հայաստանի մէջ բոլորը պիտի շարունակեն կոպիտ կերպով - եւ ըստ սովորութեան... - շահագործել Դաշնակցութիւնը:

 

Հայդուկ Շամլեան

 

Հայդուկ Շամլեան

Հայդուկ Շամլեան

Հայդուկ Շամլեան ծնած է Լիբանան: Անունը իրեն շ...