image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանն ու Ղազախստանն այսօր պատմական փաստաթուղթ պիտի ստորագրեն. Թոքաեւ

Հայաստանն ու Ղազախստանն այսօր պատմական փաստաթուղթ պիտի ստորագրեն. Թոքաեւ

Հայաստանն ու Ղազախստանը այսօր պատմական փաստաթուղթ պիտի ստորագրեն, որ երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը պիտի բարձրացնէ ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի։ Այս մասին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման յայտարարած է Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւը։

Հայաստանի վարչապետը նշած է, որ իր այցը Ղազախստան լաւ հնարաւորութիւններ կը բանայ երկկողմ յարաբերութիւնները խորացնելու եւ զանոնք ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի բարձրացնելու համար։

«Կարծում եմ, որ տարածաշրջանում տեղի ունեցող փոփոխութիւնները հաշուի առնելով՝ բացւում են նոր հնարաւորութիւններ տնտեսական համագործակցութեան եւ տրանսպորտային կապերի ամրապնդման համար։ Ես կարծում եմ, որ տրանսպորտի ոլորտում առկայ ներուժը պէտք է լիովին իրացուի, ինչը մեզ համար նոր հնարաւորութիւններ կը բացի», –ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը։

Ղազախստանի նախագահն ըսած է, որ Հայաստանը Ղազախստանի հիմնական քաղաքական, առեւտրային եւ տնտեսական գործընկերներէն մէկն է Հարաւային Կովկասի մէջ։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են համագործակցութեան լայն շրջանակ, այդ շարքին՝ առեւտուր, տնտեսութիւն, տարանցիկ փոխադրութիւն, ներդրումային համագործակցութիւն, ընդերքի օգտագործում, գիւղատնտեսութիւն, թուայնացում եւ արհեստական ​​բանականութեան ներդրում, առողջապահութիւն, մշակութային եւ մարդասիրական կապեր:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը նոյեմբեր 20-21-ին պաշտօնական այցով կը գտնուի Ղազախստան: