Եկեղեցւոյ մասին խօսելով անշուշտ պէտք է միշտ շեշտակիօրէն գնահատել հայաշխարհի մէջ գործող բոլոր դպրեվանքները Երուսաղէմէն, Պիքֆայա, Նիւ Եորք, բայց մանաւանդ Արարատին հայող Գէորգեան Ճեմարան, որուն պատմակերտ կամարներուն տակ երէկ, այսօր ու վաղը հասակ պիտի առնեն ծառայութեան բարձր ոգիով զինուած մեր միաբանները, ու այս առթիւ ալ Ամենայն Հայոց Վեհափառին այս իմաստուն որոշումին առթիւ մեծ կորով ու արիասիրտ գործունէութիւն կը մաղթեմ մեզմէ շատերուն սիրելի՝ Տ. Շահէ ծ.վրդ.ին. Աստուած Օգնական Հայր Սուրբ, երկար ու շէնշող ծառայութիւն յանուն մեր Եկեղեցիին , յանուն համայն Հայութեան։
Դրական քայլերը միշտ գնահատելու նայինք.
Օրերս բարձր կարգադրութեամբը Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, Մայր Աթոռի երիտասարդ եւ արի միաբաններէն Տ. Շահէ ծ.վրդ. Անանեան նշանակուեցաւ Գէորգեան Ճեմարանի ընդհանուր տեսուչ։
Պատմական ամրոց հանդիսացած Գէորգեան Ճեմարանը, Մայր Աթոռին միաբաններ հասցնող սոսկական կրթական դպրոց մը, հիմնարկ մը չէ, այլ աւելին։
Պատմութեան տարբեր փուլերուն, երբ մեր պետականութիւնը զառնուած է ահեղ գամիներու, ստացած է մեծ հարուածներ ու յաճախ ալ գլուխը հակած, Մայր Եկեղեցին է, որ կարողացած է տէր ու պաշտպան կանգնիլ մեր ժողովուրդին։
Ըլլայ ատիկա Սիսի Աթոռին, ըլլայ այդ մեր զոյգ պատրիարքութեանց ու ըլլայ այդ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պարագային։
Փոթորիկները կու գան ու կ՚երթան, կը հարուածեն ու կ՚երթան, կը վիրաւորեն կուգան ու կ՚երթան, բայց մեր եկեղեցին կը մնայ ամուր եւ ուժեղ, չխոնարհող ու չկքող սրբազան կառոյց։
Եկեղեցւոյ մասին խօսելով անշուշտ պէտք է միշտ շեշտակիօրէն գնահատել հայաշխարհի մէջ գործող բոլոր դպրեվանքները Երուսաղէմէն, Պիքֆայա, Նիւ Եորք, բայց մանաւանդ Արարատին հայող Գէորգեան Ճեմարան, որուն պատմակերտ կամարներուն տակ երէկ, այսօր ու վաղը հասակ պիտի առնեն ծառայութեան բարձր ոգիով զինուած մեր միաբանները, ու այս առթիւ ալ Ամենայն Հայոց Վեհափառին այս իմաստուն որոշումին առթիւ մեծ կորով ու արիասիրտ գործունէութիւն կը մաղթեմ մեզմէ շատերուն սիրելի՝ Տ. Շահէ ծ.վրդ.ին. Աստուած Օգնական Հայր Սուրբ, երկար ու շէնշող ծառայութիւն յանուն մեր Եկեղեցիին , յանուն համայն Հայութեան։
Նիւթը՝ Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն