image

Գերշ. Տ. Կոմիտաս արք. Օհանեան Կիպրոս ժամանեց

 Գերշ. Տ. Կոմիտաս արք. Օհանեան Կիպրոս ժամանեց

«Արեւելք» (Նիկոսիա),- Օրերս Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերմ. Տ. Կոմիտաս արք. Օհանեան Կիպրոս ժամանած է։

 Կը նշուի նաեւ, որ Սրբազան Հայրը Լառնաքայի օդակայանին մէջ դիմաւորուած է համայնքի պատկան մարմիններուն կողմէ գլխաւորութեամբ պետական ներկայացուցիչ՝ Տիար Վարդգէս Մահտեսեանին։

Ստորեւ այդ մասին տրուած կարճ լրատւութիւնը՝

Հինգշաբթի 1 Օգոստոսին Կիպրոս ժամանեց նորանշանակ Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Տ. Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս, ուր դիմաւորուեցաւ Պետական ներկայացուցիչի, թեմիս Երեսփոխանական եւ Վարչական ժողովներու ատենապետներու ինչպէս նաեւ Նիկոսիոյ հոգեւոր հովիւին կողմէ: