Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը՝ նախագահութեամբ դատաւոր՝ Կարեն Ֆարխոյեանի, 2 հոկտեմբերին, Գլխաւոր շտապի պետի տեղակալ՝ Ստեփան Գալստեանը կալանաւորելու մասին որոշում կայացուցած է ։
Նշենք, որ Գալստեան կալանաւորուած է ՀՀ Զինուած Ուժերու կարիքներու համար ռազմամթերքի մատակարարման գործընթացին չարաշահումներ եւ առանձնապէս խոշոր չափերով յափշտակութիւններ կատարելու դէպքերու առթիւ քննուող քրէական գործով։
Ան մեղադրուած է նիւթական ծանր հետեւանքներ առաջացնող պաշտօնէական դիրքի չարաշահման եւ պաշտօնէական կեղծիք կատարելուն մէջ։
Յիշեցնենք, որ քանի մը օր առաջ ԱԱԾ-ն Պաշտպանութեան նախկին նախարար՝ Դաւիթ Տօնոյեանի, գլխաւոր շտաբի պետի տեղակալ՝ Ստեփան Գալստեանի եւ ռազմական օդուժի նախկին պետ՝ Աւետիք Մուրատեանի բնակարանները խուզարկած էր։ Խուզարկած էին նոյնիսկ Տոնոյեանի մօր բնակարանը։ Թէ ԱԱԾ–էն ներս գործը յարուցուելէն ամիսներ ետք քննիչները այդ բնակարաններուն մէջ ինչ կ'ակնկալէին գտնել, յայտնի չէ։ Մամուլով միայն լուրեր շրջանառուած էին, որ իրաւապահները փաստաթուղթեր եւ գումար փնտռած են ։
Դատարանի որոշմամբ երկու ամիսով կալանաւորուած են նաեւ Դաւիթ Տոնոյեանը եւ զէնքի մատակարար՝ Դաւիթ Գալստեանը (Պատրոն Դաւիթը)։
Լուրը՝ NEWS.am-էն