image

Ֆէյսպուքի խափանումը, հայկականը... եւ մենք

Ֆէյսպուքի խափանումը, հայկականը... եւ մենք

Անկեղծ ըլլալու համար երէկ գիշեր լաւ չէր մեզմէ շատերուն վիճակը։ Կա՞ն մարդիկ, որ չանհանգստացան Ֆէյսպուքին հետ կատարուածով։ Եղա՞ն արդեօք ընկերներ, որոնց համար պատկերը մէկ էր... Այսինքն իրենց ընթրիքը ըրին, Արտեմի ստացած Նոպէլեանով ուրախացան, հեղ մը հեռուստատեսոյց բացին ու յետոյ ալ անցան քունի ...

Ինչ մեղքս պահեմ ես անհանգիստ էի։ Առանց ստելու կ՚ըսեմ, ամէն պահու ձեռքս հեռախօսին կը նետէի, իմանալու համար, որ կապը եկա՞ւ, վերադարձա՞ւ արդեօք նորին վսեմութիւն պարոն Ֆէյսպուքը։

Հոն կէս մնացած խօսակցութիւններ կային, գործ կար, ընելիք կար, Պոլսէն լուրեր, Պէյրութէն դժգոհութիւններ, Թեմի մը առաջնորդին հետ կէս մնացած զրոյց ու Հայաստան այցելող ամերիկահայ գործիչին հետ ինչ որ խօսակցութիւններ ...։

Այս բոլորը կային ու դեռ ալ պիտի ըլլան։ 

Մտահոգի՞չ է արդեօք այսքան կախեալութիւնը։

Մտահոգիչ է, որ ինչպէս յաճախ կը յայտարարենք, որ Ֆէյսպուքը «ում շուննա որ» եւ պարզապէս աշխատանքի գործիք է, սակայն իրականութեան մէջ մշտական հարթակ է եւ նոյնիսկ սերտ բարեկամ։

Առիթով մը կարելի է ի մի բերել այն վարկածները որոնք շատ հաւանաբար պատճառ էին եղած նորին մեծապատւութիւն Պրն. Ֆէյսի խափանման, բայց դառն իրականութիւնը կ՚ըսէ, որ ան ամէն տեղ է ու մտած է մեր առօրեային մէջ ու քիչ մըն ալ խորացած։

Հիմա չեմ գիտեր վատ է, թէ լաւ սակայն փաստ է, որ Ֆէյսպուքը մեր հետ է ու մեր առօրեային անքակտելի կապն ու սերտ բարեկամը։

Այս բոլորը գրելով երանի մինչեւ հիմա ստեղծած ըլլայինք զուտ հայկական Դիմատետր մը, որպէսզի մեր տուեալներուն համար «կռիւ» չտային ու այդ կռիւ տալու ատեն ալ խափանումներ չըլլային։

Հասկցողը հասկցաւ, բարեւներս պրն. Ձուկին։

 

Գրառումը՝ Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն: