Ամերիկեան «Ֆէյսպուք» ընկերութիւնը արգիլած է «Թալեպան» ահաբեկչական շարժման հետ կապուած բովանդակութեան տարածումը «Ֆէյսպուք», «Ինսթակրամ» ընկերային ցանցերուն եւ «WhatsApp» մասէյնճըրին մէջ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի»-ն, այդ շարժումը պատժամիջոցներու տակ կը գտնուի որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն՝ համաձայն ԱՄՆ օրէնսդրութեան:
«Մենք արգիլել ենք անոնց օգտուիլ մեր ծառայութիւններէն՝ համաձայն վտանգաւոր կազմակերպութիւններու դէմ մեր քաղաքականութեան»,- յայտնած է «Ֆէյսպուք»-ի ներկայացուցիչը:
Նշուած է նաեւ, որ «Ֆէյսպուք»-ը պիտի հեռացնէ թալեպներու կամ անոնց անունով վարուող օգտահաշիւները, ինչպէս նաեւ այն էջերը, որոնց մէջ կան արտայայտութիւններ՝ ուղղուած շարժման աջակցելուն: Ընկերութեան ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ «Ֆէյսպուք»-ի մէջ ստեղծած են յատուկ խումբ, որու անդամները կը հետեւին գրառումներուն, նկարներուն, տեսանիւթերուն եւ այլ բովանդակութեան եւ անհրաժեշտութեան պարագային կը հեռացնեն զանոնք:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ