image

«Ես ողջ առողջ եմ եւ ծեծ չեմ կերած».Սօս Ջանիբէկեան

 «Ես ողջ առողջ եմ եւ ծեծ չեմ կերած».Սօս Ջանիբէկեան

 Հայրենի դերասան Սօս Ջանիբէկեան գրառում մը  կատարելով անդրադարձած է երէկուընէ ի վեր շրջան ընող այն լուրերուն ըստ որոնց ան ծեծի ենթարկուած էր։

 

 Ջանիբէկեան մասնաւորապէս գրած է «Ես ողջ առողջ եմ, ոչ մեկի հետ կոնֆլիկտ չեմ ունեցել , ոչ մեկ ինձ չի ծեծել ,թու, թու, թու .յոյս ունեմ չեն էլ ծեծի: Շնորհակալութիւն անհանգստութեան համար, լաւ օր բոլորին:»

 

Նշենք, որ Ջանիբէկեանի յարձակման ենթարկուած ըլլալու մասին լուրեր տարածուած էին երէկ, ճիշդ այն պահուն երբ համացանցը ողողուած էր  «Անտարէս» հրատարակչատան տէր՝ Արմէն Մարտիրոսեանին յարձակման ենթարկուելու տեսանիւթով։