image
Հրատապ լուրեր:

«Ես հաւատում եմ քեզ իմ խելացի ժողովուրդ...» Բիւրակն մայրիկի կոչը

 «Ես հաւատում եմ քեզ իմ  խելացի ժողովուրդ...» Բիւրակն մայրիկի կոչը

Օրերս ընկերային ցանցերու վրայ Արցախին զօրակցելու նոր շարժում մը ընթացք առած է։ 

 Ճիշդ է, որ Արցախի ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան վերաբերեալ ամբողջ հայութեան մօտեցումը մէկն է, սակայն  թուականին տեղի ունեցած  եւ ահռելի հետեւանքներ ունեցած պատերազմէն ետք այսօրուան կտրուածքով Արցախի եւ անոր հերոս զաւակներուն զօրակցութիւն ցոյց տալը եւ մանաւանդ Արցախի հայաթափման դէմ դնելու գործը դարձած են առաջնային։

Ու այս ծիրին մէջ պէտք է դիտարկել Բիւրակն մայրիկի կոչը, որուն համար Արցախը հերոսական է, իսկ Արցախի դատը մոռացութեան մատնողները բառին բուն առումով ալ դաւաճաններ են։

 «Իմ սիրելի ժողովուրդ, իմ հրաշալի ժողովուրդ, իմ խելացի ժողովուրդ, ես գիտեմ, որ խելքդ գլուխդ կգայ, դու կը միաւորուես, դու կը հզօրանաս, իսկ  Արցախը մտքներից հանողները այլանդակ դաւաճաններ են ...» եզրակացուցած է Բիւրակն  մայրիկը։ 

Նշենք, որ Բիւրակն մայրիկ (Ազգանունը՝ Չերազ-Անդրէասեան եւ ան  դուստրն է ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր սերունդի երախտաւորներէն ՝ Վահան Չերազին ) այրին է մեզմէ շատերուն քաջ յայտնի մտաւորական Ռաֆայէլ Իշխանեանին ու մայրը  հայրենի իրաւապաշտպան ՝Աւետիք Իշխանեանին ու լրագրող ՝ Վահան Իշխանեանին։

 

Նիւթը՝ «Արեւելք»ի