Օրերս Լիբանանի Այնճար հայաւանին մէջ իր մահկանացուն կնքած է Սիմա Տիւքէնճեան-Քիւսպէքեանը։
1924 -ին Մուսա Լերան մէջ իր աչքերը բացած Սիմա մայրիկը կենդանի վկայարան մըն էր Այնճարցիներուն համար, որոնց նախորդները անցած էին առաջին աշխարհամարտի դժոխքէն, բայց եւ այնպէս անդրդուելի մնացած։
Սիմա մայրիկի մահուան մասին «Արեւելք» իմացաւ «Մուսա Լեռ» դիմատետրի ջէն, ուրկէ մասնաւորապէս կը կարդանք՝
Երեքշաբթի 21 Յունիս 2022-ին, մահացաւ Սիմա Տիւքէնճեան Քիւսպէկեան ( ծնեալ Մուսա լեռ` 1924-ին)։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի 22 Յունիս 2022-ին, կ.ե. ժամը 3:00-ին, Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը։
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ։
Թաղման արարողութենէն ետք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաները ցաւակցութիւնները պիտի ընդունին եկեղեցւոյ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս, իսկ յաջորդ օրը հանգուցեալին բնակարանին մէջ։