Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան Իսթանպուլի մէջ՝ Թուրքիոյ Երիտասարդական Հիմնադրամի ամառնային դպրոցի մասնակիցներու առջեւ ունեցած ելոյթին ժամանակ, Կազայի շրջանին մէջ տեղի ունեցողը որակած է իբրեւ «վերջին հարիւր տարիներու ամենադաժան ցեղասպանութիւն»։
«Կազայի մէջ իսկական ցեղասպանութիւն կը կատարուի՝ վերջին դարու ամենադաժանը։ Յարձակման տակ կը յայտնուին ոչ միայն երեխաներն ու նորածինները, այլ նաեւ մարդկային արժէքներուն վերաբերող ամէն ինչ։ Այս ամէնը կը ոչնչացուին բուռ մը յանցագործներու ձեռքով»,– յայտարարած է թուրք նախագահը։
Միաժամանակ, ան ընդգծած է, որ Անգարան չէ հրաժարած աջակցելէ պաղեստինեան անկլաւին եւ «Համաս»ի շարժումին, հակառակ արեւմտեան երկիրներու կողմէ գործադրուող ուժեղ ճնշումներուն։
«Չնայած անոնց, որոնք զրպարտեցին պաղեստինեան դիմադրութիւնը՝ «Համաս»-ը, անոր վրայ ահաբեկչութեան պիտակ փակցնելով՝ Իսրայէլի կողմէ ճանաչում ստանալու յոյսով, մենք երես չենք դարձուցած Կազայի հերոսական ժողովուրդէն։ Մեր եղբայրները Կազայի մէջ պիտի ապրին ազատ եւ յաւերժ՝ այս օրհնեալ հողերուն վրայ, որոնք ներկուած են նահատակներու արեամբ։ Յոյս ունիմ, որ պիտի տեսնենք բռնութեան աւարտը Կազայի մէջ, ինչպէս՝ Սուրիոյ։ Մենք անպայման պիտի ապրինք այդ օրերը»,– ըստ РИА Новости-ի՝ աւելցուցած է Էրտողան։