image

Երկու եղբայր, երկուքն ալ վարդապետ. Նշուեցաւ Նորատունկեան եղբայրներու քահանայութեան 25-րդ տարեդարձը

Երկու եղբայր, երկուքն ալ վարդապետ. Նշուեցաւ Նորատունկեան եղբայրներու քահանայութեան 25-րդ տարեդարձը

Հալէպի մէջ նշուած է  Նորատունկեան եղբայրներու քահանայական ձեռնադրութեան 25-րդ տարեդարձը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ  Հալէպի իր աղբիւրէն։

Եւ այսպէս  Կիրակի, 26 Սեպտեմբեր 2021-ի, առաւօտեան ժամը 10-ին հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ՝ Բերիոյ կաթողիկէ հայոց թեմի առաջնորդ՝ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, Հալէպի Նոր գիւղ շրջանի Ս. Երրորդութիւն Զուարթնոց եկեղեցւոյ մէջ գոհաբանական Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Լիոնի Նարեկի Տիրամօր եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Գերյ. Գէորգ Ծ.Վ. Նորատունկեան:

Նշենք, որ Գերյարգելի հօր ձեռնադրութեան արդէն 26 տարիներ անցած են, քանզի նախորդ տարուայ համաճարակային պայմանները չթոյլատրեցին, որ այս յոբելենականը տեղի ունենար Հալէպ, այլ պարզապէս նշուեցաւ միայն Լիոնի մէջ: Այստեղ նախախնամութեան միջամտութիւնն էր, որ երկու եղբայր միատեղ եւ միաժամանակ նշէին իրենց քահանայութեան 25-րդ յոբելեանը: Ի դէպ, Հայր Գէորգ երկար տարիներ տարբեր երկիրներու մէջ ծառայեց՝ Լիբանան, Սուրիա, Ռուսիա, Իտալիա, Երուսաղէմ, Ամման եւ Ֆրանսա, ուր մեծ վաստակ եւ հռչակ ձեռք բերաւ քարոզելով եւ տարածելով Աւետարանի լուսաւոր խօսքերը:

Ծայրագոյն վարդապետը, միեւնոյն թելադրանքով եւ յաւուր պատշաճի 25-ամեակի քարոզին մէջ շեշտը դրաւ Աստուծոյ խօսքի անփոփոխութեան եւ մեր կեանքին մէջ անոր կիրառման ու կարեւորութեան վրայ: Շարունակելով իր քարոզը, Հայր Գէորգ խրախուսեց հաւատացեալները ըլլալ լիայոյս Քրիստոսի մէջ երբեք չվարանելով, որովհետեւ մօտ է լուսաբացը. «Սուրիոյ պատերազմի այս 10 տարիները վերիվայրումներով անցան, վատագոյնը փարատեցաւ եւ լաւագոյնը մեր դիմաց կը շողայ արեւի նման, մենք իբրեւ հայ ժողովուրդ միայն հայրենիքի մէջ նահատակներ չտուինք, այլ՝ մեզ հիւրընկալող օտար ազգի սահմաններու եւ անվտանգութեան պահպանները հանդիսացանք, հայրենիքէն մինչեւ Սուրիա, Արցախէն մինչեւ Հալէպ, փորձեցինք պահել մեր ինքնութիւնն ու մեր սեփականութիւնը միշտ հաւասարապէս հաւատարիմ մնալով երկուքին»:

Ս. Զոհին մասնակցեցան տեղւոյն ժողովրդապետ՝ Գեր. Հայկ Վրդ. Մակարեան եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն, իսկ արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյս «Ալեմշահ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Տիկ. Մարգարիտ Խաչատուրեան Պանտաքի:

Միեւնոյն օրը, երեկոյեան ժամը 6-ին, Ազիզիէ շրջանի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, արաբերէնով Ս. Պատարագ մատուցեց Զմմառու Կղերի միաբանութեան վանքի փոխ մեծաւոր ու Պէյրութի Ս. Եղիա եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Գերապատիւ Հ. Անոտն Վրդ. Նորատունկեան, որու ընթացքին ինք եւս իր քարոզին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ իր տուած բոլոր պարգեւներուն համար, յիշելով նորոգ հանգուցեալ հայրը, խնդրելով Աստուծմէ անոր պարգեւէ երկնքի արքայութիւնը, ինչպէս նաեւ երախտագիտական զգացումները յայտնեց տիրամօր, եղբայրներուն, քրոջ, հարազատներուն եւ բոլոր անոնց որոնք նեցուկ կանգնեցան եւ օժանդակեցին իրենց հոգեւոր եւ ազգային կազմաւորման ու դաստիարակման, մասնաւորաբար՝ բազմավաստակ երջանկայիշատակ Արհի. Հ. Էմմանուէլ Արք. Տապաղեանը:

Ան քաջալերեց մատաղ սերունդը չվախնալ հետեւելու իրենց կոչումին, որովհետեւ աստուածային է եւ կենդանացուցիչ, յիշելով իր քահանայութեան առաջին տարիները ըսաւ. «Սկիզբը մեզի համար պատիւ եւ հպարտութիւն էր լսել Հայր բառը, սակայն այսօր հազարաւոր անձինք մկրտելով, հաղորդելով պսակելով իսկական պատասխանատուութիւնը կը զգանք ու կ'աղօթենք տիւ եւ գիշեր անոնց հոգիներու փրկութեան համար, որովհետեւ կեանքը մեզ կը սորվեցնէ թէ հայր ըլլալը, պարզապէս տիտղոս մը չէ, այլեւ՝ ամէն բանի մէջ նմանիլ Հօր Աստուծոյ սուրբ պատկերին»: Յիշատակութեան արժանի է, թէ Հայր Անտոնը 15 տարի ծառայած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ 10 տարի Լիբանան:

Պատարագի աւարտին Յունաստանի կաթողիկէ հայոց թեմի Պատրիարքական փոխանորդ՝ Գերապայծառ Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Պէզազեան, որպէս ներկայացուցիչ Բերիոյ առաջնորդ հօր՝ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, իր երախտագիտական խօսքը յայտնեց 25-ամեայ փորձառու վարդապետներուն եւ Բերիոյ թեմի անունով իւրաքանչիւրին ձեռաց խաչ նուիրեց եւ Յունաստանի թեմի անունով՝ յունական Իգոններ, իսկ վերոյիշեալ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Գեր. Անոտն Վրդ. Թահան իր կարգին երկու լանջախաչեր նուիրեց Վարագայ Ս. Խաչի տօնին առթիւ:

Ս. Պատարագին եւ տօնախմբութեան մասնակցեցան համայնքիս եւ տարբեր համայնքներու պատկանող վարդապետներ, քահանաներ, Հալէպի Անարատ Յղութեան հայ քոյրերը, ընկերային, բարեսիրական, քաղաքական, երիտասարդական եւ եղբայրասիրական կազմակերպութիւններու ու հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հարիւրաւոր հաւատացեալներ: Ապա միասնաբար ուղղուեցան եկեղեցւոյ «Արագած» սրահը, ուր ճոխ հիւրասիրութիւն մը պատրաստած էին:

«Դուք յաւիտեան Քահանայ էք՝ ըստ Մելքիսեդեկի կարգին եւ Տէրը ձեր Աջին է»:

 

Օգտուած ենք  նաեւ  «Ռատիօ  Վատիկան»ի  լրատւութիւնէն: