Մարտ 8-ին` տեղական ժամանակով ժամը 10:31-ին (Կրինիչի ժամանակով` ժամը 06։31-ին) ՀՀ ՆԳՆ երկրաշարժի պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան երկրաշարժական ցանցին կողմէ գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 40.91⁰ եւ արեւելեան երկայնութեան 44.26⁰ աշխարհագրական չափագրումներով Հայաստան՝ Սպիտակ քաղաքէն 9 քմ հիւսիս, օճախի 10 քմ խորութեամբ, 3․2 ուժգնութեամբ երկրաշարժ։
Կեդրոնական գօտիին վրայ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 4 աստիճան:
Երկրաշարժը զգացուած է Լոռիի մարզի՝ Սպիտակ, Ստեփանաւան եւ Վանաձոր քաղաքներուն մէջ՝ 2-3 աստիճան ուժգնութեամբ։
Մարտի 8-ին՝ տեղական ժամանակով ժամը 09:26-ին երկրաշարժ գրանցուած էր Սպիտակ քաղաքէն 6 քմ հիւսիս-արեւելք։ Կեդրոնական գօտիին վրայ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած էր 6 աստիճան: Երկրաշարժը զգացուած էր Լոռիի, Շիրակի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ՝ 4-6 աստիճան ուժգնութեամբ, Կոտայքի, Գեղարքունիքի եւ Արագածոտնի մարզերուն մէջ՝ 2-4 աստիճան ուժգնութեամբ։