image

Երկրաշարժ Լիբանանի մէջ

Երկրաշարժ Լիբանանի մէջ

Այս առաւօտ 6,3 ռիխթըր աստիճանի երկրաշարժ մը հարուածած է միջերկրականեան շրջանները: Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդած է Ռոյթըրզ գործակալութիւնը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ երկրաշարժին կեդրոնը Միջերկրական ծովն է, յունական ափերու դիմաց:

Երկրաշարժը նաեւ զգալի դարձած է միջերկրականեան տարբեր երկիրներու մէջ, որոնց շարքին ամենաշատ ազդուած է Լիբանանը:

Մինչ այս պահը տուժածներու կամ վնասներու մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր: