image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի մէջ մարդատար կառքը արկածի ենթարկուեցաւ.Կան տուժածներ (Լուսանկար)

Երեւանի մէջ մարդատար կառքը արկածի ենթարկուեցաւ.Կան տուժածներ (Լուսանկար)

Ապրիլ 21-ին, ժամը 20։42-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Շիրազի եւ Մազմանեան փողոցների խաչմերուկին տեղի ունեցած է ճանապարհային վթար․ կան տուժածներ։ Այս մասին յայտնած են ՆԳՆ փրկարար ծառայութենէն։

Shamshyan.com-ի հաղորդմամբ՝ թիւ 67 երթուղին սպասարկող կառքը բախած է Volkswagen Touareg մեքենային, ապա առաջ ընթանալով բախած է երկաթեայ ելեկտրասիւնին եւ յայտնուած պենզալցակայանի տարածքին մէջ:

Վթարի հետեւանքով կառքի վարորդը մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած է հիւանդանոց: Հանրակառքը ամբողջութեամբ վերածուած է մետաղեայ ջարդոնի, բախման հետեւանքով ալ մեքենայի անիւը պոկուած եւ վնասած է կայանած​ վիճակի մէջ գտնուող Mersedes մակնիշի մեքենան: