image

Երեւանի մէջ. Հրկիզուեցաւ Ատրպէյճանի դրօշը(Տեսանիւթ)

  Երեւանի մէջ. Հրկիզուեցաւ Ատրպէյճանի դրօշը(Տեսանիւթ)

Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ախոյեանութեան բացման հանդիսութեան հրկիզած են Ատրպէյճանի դրօշակը։ 

 Այս մասին լուրը տարածուած է ընկերային հարթակներու վրայ, իսկ դրօշակի այրման լուսանկարը տարածած է «Ֆոտոլուր» գործակալութիւնը։

 Կը նշուի նաեւ, որ սրահին մէջ գտնուող անհատ մը մօտեցած է Ատրպէյճանի դրօշը բռնած օրիորդին ու դրօշակը խլած պահուն կրակի տուած զայն։

 Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու նախարարութիւնը դատապարտած է պատահարը։

 

 Տեսանիւթը՝ «Նիւզ.ամ» կայքէն։