image

Երեւան-Մեղրի ճանապարհին ծանր արկած. Կայ 2 զոհ

Երեւան-Մեղրի ճանապարհին ծանր արկած. Կայ   2 զոհ

21 մայիսին, ժամը 18։58-ին Արարատի մարզային ճգնաժամային կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Տիգրանաշէնի ոլորաններուն տեղի ունեցած է պատահար․ կայ տուժած։ Յայտնած են ներքին գործոց նախարարութեան փրկարար ծառայութենէն:

Դէպքի վայր մեկնած է ՆԳՆ ՓԾ մարզային փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական հաշուարկ։ 

Պարզուած է, որ Երեւան-Մեղրի ճանապարհի 82-րդ քմ-ին բախուած են «Toyota Corolla» (վարորդ՝ Լ․ Ջ․, 1980-ի ծնունդ) եւ «VAZ» (վարորդ՝ Ս․ Ղ․, 1989-ի ծնունդ) մակնիշներու ինքնաշարժները, վերջինս դուրս ելած է ճանապարհի երթեւեկելի հատուածէն եւ մօտ 200 մեթր գլորուած յարակից ձորը․ ինքնաշարժի վարորդ Ս. Ղ․-ն եւ ուղեւոր Ա․ Պ․-ն (1994-ի ծնունդ) տեղւոյն վրայ մահացած են: 

Փրկարարները փակած են «VAZ» մակնիշի ինքնաշարժի կազի տակառի փականը, սահմանազատած տարածքը, դիերը պատգարակով դուրս հանած ձորէն եւ մօտեցուցած շտապ օգնութեան մեքենային։