Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ բանակցութիւնները պիտի կայանան Նոյեմբեր 26-ին, Սոչիի մէջ։
Կը նշուի, որ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, բացի եռակողմ բանակցութիւններէն, առանձին բանակցութիւններ պիտի կատարէ Ատրպէյճանի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին հետ։
Փութինը, Փաշինեանը եւ Ալիեւը պիտի ուրուագծեն Ղարաբաղի մէջ կայունութեան ամրապնդման եւ խաղաղ կեանքի հաստատման հետագայ քայլերը։ «Կը նախատեսուի քննարկել երեք երկիրներու ղեկավարներու պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը, որոնք ձեռք բերուած էին 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ին եւ 2021 թուականի Յունուար 11-ին, ինչպէս նաեւ պիտի ուրուագծուին Ղարաբաղի մէջ կայունութեան ամրապնդման եւ խաղաղ կեանքի հաստատման հետագայ քայլերը։ Առանձնայատուկ ուշադրութիւն պիտի յատկացուի առեւտրատնտեսական եւ ճանապարհային կապերու վերականգնման եւ զարգացման հարցերուն», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։