image
Հրատապ լուրեր:

Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպանն ու Հարաւային Սինայի նահանգապետը քննարկած են համագործակցութեան ընդլայնումը

Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպանն ու Հարաւային Սինայի նահանգապետը քննարկած են համագործակցութեան ընդլայնումը

Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Սարգսեան 17 ապրիլին հանդիպում ունեցած է Հարաւային Սինայի նահանգապետ Խալէտ Մուպարաքի հետ։ Այս մասին յայտնած են Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն։

Զրուցակիցները քննարկած են Հարաւային Սինայի նահանգի հետ համագործակցութեան ընդլայնումը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու մէջ փոխգործակցութեան զարգացման հնարաւորութիւնները։

ՀՀ դեսպանը, ընդգծելով դէպի Եգիպտոս հայ զբօսաշրջիկներու հոսքի շարունակական յաւելումը, կարեւորած է այս ոլորտին մէջ համագործակցութեան առաւել խորացումը ու ներդրումային հնարաւորութիւններու ուրուագծումը:

Քննարկուած է նաեւ ՀՀ մարզերու եւ Հարաւային Սինայի նահանգի միջեւ ապակեդրոնացուած համագործակցութեան խորացումը: