«Սիսական» ջոկատի հրամանատար Աշոտ Մինասեանը պիտի կալանաւորուի։ Այս մասին յայտնեցին ՀՀ գլխաւոր դատախազութենէն։
Վերաքննիչ քրէական դատարանը՝ դատաւոր Տիգրան Սիմոնեանի նախագահութեամբ, բաւարարած է դատախազութեան բողոքը եւ կայացուցած Մինասեանի նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու մասին որոշում։
Մինասեանին մեղադրանք առաջադրուած է իշխանութեան իւրացման նախապատրաստման, պետական, քաղաքական կամ հասարակական գործիչի, մասնաւորապէս, Հայաստանի վարչապետի գործունէութիւնը դադրեցնելու նպատակով անոր սպանութեան նախապատրաստման, այդ նպատակով խումբ մը անձերու կողմէ նախնական համաձայնութեամբ ապօրինի կերպով զէնք, ռազմամթերք ձեռք բերելու, պահելու յանցաւոր արարքները կատարելու համար։
Աշոտ Մինասեանի փաստաբան Միհրան Պօղոսեան ֆէյսպուքեան իր էջով գրած է․ «Քիչ առաջ ՀՀ վերաքննիչ քրէական դատարանի տարած-ետ բերած, անունով դատաւոր Տիգրան Սիմոնեանի ակնյայտ ապօրինի որոշմամբ Սիսական ջոկատի լեկենտար հրամանատար, Արցախեան 3 պատերազմների մասնակից Աշոտ Մինասեանը կալանաւորուեց։
Աշոտ Մինասեանը շուրջ 1,5 ժամ, առանց որոշման, սպասում էր կալանաւորուելուն։
Սոյն դատաւորը քիչ առաջ բաւարարեց Քննիչի դեռեւս 2020-ի Նոյեմբերի15-ի միջնորդութիւնը, որով փաստեց, որ կալանք տալու համար փաստերն էական չեն, էականը իշխանութեանդ ցանկութիւնն է»։