image

Դեսպան Թրէյսին՝ Հայաստանի սահմանին Իրան-Ադրբեջան զարգացումներուն մասին

Դեսպան Թրէյսին՝ Հայաստանի սահմանին Իրան-Ադրբեջան զարգացումներուն  մասին

Ինչպէս տեղեկացուցած էինք, Ֆրեզնոյի մէջ ՀՀ պատուաւոր հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի նախաձեռնութեամբ Ֆրեզնոյէն կրկին բժիշկներու խումբ մը ժամանած է Հայաստան, որ այսօր այցելած է Աշտարակի բժշկական կեդրոն: Աշտարակի մէջ անոնց  ջանքերով տեղադրուած է ժամանակակից ախտորոշիչ սարք: Ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Լին Թրէյսին, որ արարողութենէն յետոյ պատասխանած է «Արեւելք»-ի հարցին՝ Սիւնիքի վերջին զարգացման ու այդ առումով ԱՄՆ-ի դիրքորոշման մասին:

Դեսպանը ըսած է, որ ԱՄՆ-ը, ըլլալով ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի անդամ, ուշադրութեամբ կը հետեւի զարգացումներուն եւ ինչպէս միշտ աջակից է տարածաշրջանին մէջ լիակատար խաղաղութեան հաստատման: Դեսպանը նաեւ նշած է, որ ԱՄՆ-ը կը համագործակցի բոլոր կողմերուն հետ՝ լարուած իրավիճակը փարատելու, ինչպէս նաեւ խաղաղ համակեցութեան համար նոր ելքեր գտնելու համար: Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանը նաեւ նշած է, որ այս փուլին շատ կարեւոր է, որ սահմանային իրավիճակը լարուածութենէն դուրս գայ, եւ սահմանամերձ բնակավայրերու բնակիչները ապրին խաղաղ: «Խաղաղութիւնը կարեւոր է ոչ միայն Հայաստանի սահմաններուն, այլեւ՝ ամբողջ տարածաշրջանին համար», ըսած է դեսպան Թրէյսին:

 

Մանրամասները՝ տեսանիւթին մէջ: