image

Դէպի Քրասնոտար եւ Տոնի Ռոսթով թռիչքներու արգելքը երկարաձգուեցաւ

Դէպի Քրասնոտար եւ Տոնի Ռոսթով թռիչքներու արգելքը երկարաձգուեցաւ

Օդային փոխադրութեան դաշնային գործակալութիւնը մինչեւ Ապրիլ 1 կ'երկարաձգէ թռիչքներու արգելքը Ռուսաստանի Դաշնութեան հարաւային եւ կեդրոնական շարք մը օդակայաններուն մէջ, կ'ըսուի գործակալութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Թռիչքները ժամանակաւորապէս սահմանափակուած են Անափայի, Պելկորոտի, Պրեանսքի, Վորոնեժի, Կելենճիքի, Կրասնոտարի, Քուրսքի, Լիփեցքի, Տոնի Ռոսթովի, Սիմֆերոփոլի եւ Էլիսթայի օդակայաններուն մէջ:

Ուղեւորները տեղափոխելու համար ռուսական օդային ընկերութիւններուն կ'առաջարկէ այլընտրանքային երթուղիներ օգտագործել Սոչիի, Վոլկոկրատի, Միներալնիէ Վոտիի, Սթաւրոփոլի եւ Մոսկուայի օդակայաններով:

Փետրուար 24-էն Ռուսաստանը փակած է երկրին հարաւը գտնուող իր օդային տարածքին մէկ մասը քաղաքացիական օդանաւներուն համար` Ուքրանիոյ մէջ յատուկ ռազմական գործողութեան լոյսին տակ: