Առողջապահութեան նախարարութիւնը պիտի առաջարկէ, որ Դեկտեմբեր 1-էն աշխատատեղիներու մէջ ներկայացուող PCR բացասական քննութիւններու պատասխանի համար 14-օրեայ ժամկէտը փոխուի 7-օրեայի: Այս մասին ըսաւ առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեանը:
«Մեր կողմից արդէն իսկ հրամանի փոփոխութեան նախագիծը շրջանառուելու է այսօր: Մենք առաջարկելու ենք, որ Դեկտեմբերի մէկից աշխատատեղերում ներկայացվող ՊՇՌ բացասական թեստերի պատասխանի համար 14-օրեայ ժամկէտը փոփոխուի 7-օրեայի», ըսաւ ան:
Անոր խօսքով, կան նաեւ այլ առաջարկներ, որոնք պիտի քննարկուին միջգերատեսչական յանձնաժողովին կողմէ:
Յիշեցնենք, որ լրատուական տուեալներու, կը մշակուի, այսպէս ըսած, «փաթեթ» հանրային վայրեր այցելութիւններու համար, ուր մեծ թիւով մարդիկ ներկայ կ'ըլլան՝ ճաշարաններ, համերգներ եւ այլն, մասնաւորապէս՝ մուտքը թոյլատրել բացառապէս PCR բացասական քննութեամբ կամ պատուաստման QR քոտով: Կը քննարկուի նաեւ Դեկտեմբեր 1-էն «Քովիտ»ով հիւանդացած, բայց չպատուաստուած քաղաքայիններու բուժումը վճարովի դարձնելու հարցը: