29 Սեպտեմբերի ուշ երեկոյեան դատարանը ստորագրութեամբ ազատ արձակած է պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը:
Անկէ ժամեր առաջ Երեւանի Կեդրոն եւ Նորք Մարաշ վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարան բերուած էին պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը եւ զէնքի յայտնի մատակարար Դաւիթ Գալստեանը:
Այսօր տեղի պիտի ունենայ Դաւիթ Տօնոյեանէ կալանքի տակ վերցնելու ԱԱԾ-ի միջնորդութեան քննութիւնը՝ Երեւանի Կեդրոն եւ Նորք Մարաշ վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւվասութեան դատարանին մէջ:
Յիշեցնենք, որ երէկ խուզարկութիւն կատարուած էր Տօնոյեանի, ինչպէս նաեւ Պաշտպանութեան նախարարութեան այլ նախկին ու ներկայ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու բնակարաններուն մէջ։