image

Դամասկոսի մէջ. Հայ Կաթողիկէ Տիկնանց վարչութեան նախաճաշ-հաւաքը (Լուսանկարներ)

Դամասկոսի մէջ. Հայ Կաթողիկէ  Տիկնանց վարչութեան նախաճաշ-հաւաքը (Լուսանկարներ)

Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ համայնքը եւ մասնաւորապէս վերջին ամիսներուն նոր աշխուժութեամբ մը կը շարունակէ իր գործունէութիւնները։

Համայնքին մէջ երեւելի  դարձած եռանդը կը պարտինք նաեւ Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ Գերյ. Հ. Գէորգ Եպս.  Ասատուրեանին։

Նոյն ծիրին մէջ  օրերս տեղի ունեցած է  Տիկնանց Միութեան  Նախաճաշ -հաւաքը, որուն մասին ալ «Արեւելք» տեղեկացաւ  Դամասկոսի  ՀԿՄ-ի էջէն։

Ստորեւ՝  հրապարակուած  լրատւութիւնը.

Շաբաթ,16 մարտ 2024-ի առաւօտեան, Մայրերու տօնին առթիւ, տեղի ունեցաւ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Միութեան Տիկնանց վարչութեան կազմակերպած նախաճաշի ձեռնարկը, «Ալ Ռայէս» ճաշարանին մէջ,Մազզէ: Դամասկահայ ազնիւ տիկիններու ու օրիորդներու խումբ մը, առիթը ունեցան միասնաբար նշելու գարնանային այս հաճելի տօնը ու յիշատակելի ժամանակ անցնելու:Ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը Դամասկոսի Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդ Արհի. Տ.Գէորգ եպս. Ասատուրեանի,ինչպէս նաեւ Գեր.Հ.Գէորգ վրդ. Պահէեանի,ժողովրդապետը համայնքին: Ներկայ էին նաեւ Դամասկոսի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Տիար Տիգրան Գէորգեանի կողակիցը՝ տիկին Լուսինէն ու հիւպատոս պր.Վարդան Ադամեանի կողակից՝ տիկին Իրինան: Ձեռնարկի բացման խօսքը կատարեց Տիկնանցի ատենապետուհի տիկին Շաքէ Քէշիշեանը  հայերէն լեզուով,իսկ տիկին Սիլվանա Արիսեանը արաբերէն լեզուով:Օրուայ հանդիսավարն էր տիկին Նորա Զաուրը:  Ձեռնարկը իր գեղեցիկ ասմունքով ճոխացուց տիկին Նորա Խաճարեան Պալեանը, արժանանալով ներկաներու բարձր գնահատանքին,ինչպէս նաեւ գեղեցիկ երգեցողութեամբ ելոյթ ունեցաւ օրդ. Լենա Գէորգեանը: Ամբողջ նախաճաշի տեւողութեան, գործի դրուեցան վարչութեան տիկիններու պատրաստած հաճելի խաղերը,անակնկալներն ու վիճակահանութիւնը,որոնք յաւելեալ հաճոյք ու ուրախութիւն պատճառեցին ներկայ տիկիններուն ու օրիորդներուն: Ձեռնարկը ամբողջացաւ Գերապայծառ Տիրոջ սրտի խօսքով որով իր շնորհաւորանքներն ու օրհնութիւնը բերաւ կազմակերպիչներուն ու բոլոր ներկաներուն Մայրերու ու Կանանց տօնին առիթով:Այսպիսով վերջ գտաւ աւանդական այս հանդիպումը:Բոլորիս մաղթանքն է որ Տէրը առողջութիւն ու երկար կեանք պարգեւէ մեր բոլոր  մայրերուն,կանանց ու քոյրերուն, խաղաղութիւն տայ աշխարհիս,մանաւանդ Պաղեստինի, մեր երկրի Սուրիոյ ու հայրենիքին Հայաստանի ու գալիք Քրիստոսի Ս.Յարութեան մեծ տօնը օրհնաբեր ըլլայ բոլորիս: