Երեւանը պէտք է դրական արձագանգէ Պաքուի խաղաղարար նախաձեռնութիւններուն. այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն` Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ պատասխանելով ատրպէյճանցի լրագրողներու հարցումներուն:
«Մենք կը շարունակենք կոչ ընել եւ խրախուսել Հայաստանը արձագանգելու այս բարի մտադրութիւններուն: Մենք կը տեսնենք, որ երկրին մէջ արմատականները, իսկ դուրսէն` սփիւռքը ճնշում կը գործադրեն Հայաստանի իշխանութիւններուն վրայ: Մենք արդէն ըսած ենք ոչ միայն Պլինքընին, այլեւ մեր միւս զրուցակիցներուն, որ Հայաստանին պէտք է աւելի շատ խրախուսել այս ուղղութեամբ: Երէկ Պլինքըն հետ մեր հանդիպման ժամանակ մենք եւս մէկ անգամ յիշեցուցինք, որ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը խաղաղութիւն կը փափաքին եւ բարի կամք կը դրսեւորեն` յանուն տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ապահովման», ըսած է Չաւուշօղլուն:
Չաւուշօղլուն յիշեցուցած է, որ ատրպէյճանական կողմը Հայաստանին առաջարկած է կնքել համապարփակ խաղաղ համաձայնագիր:
Դիւանագէտը նշած է, որ Ատրպէյճանը նոյնպէս կ'աջակցի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն: