image

Բժշկապետ Չարչեանի անձեռնմխելիութեան հարցով ոչ մէկ տեղաշարժ

Բժշկապետ Չարչեանի անձեռնմխելիութեան հարցով ոչ մէկ տեղաշարժ

Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը` դատաւոր Վահէ Միսաքեանի գլխաւորութեամբ հրաւիրուած նիստին քննութեան առնելով Արմէն Չարչեանի քրէական գործով պաշտպանի միջնորդութիւնը ԱԺ պատգամաւորի կարգավիճակէն բխող անձեռնմխելիութեան վերաբերեալ, մերժեց ՍԴ դիմելու մասին պաշտպանին միջնորդութիւնը։

Միջնորդութեան հիմքին դրուած է այն հանգամանքը, որ Արմէն Չարչեանը ունի պատգամաւորական անձեռնմխելիութիւն, գործող կարգաւորումներու համաձայն՝ պատգամաւորի նկատմամբ քրէական հետապնդում կրնայ յարուցուիլ միայն ԱԺ համաձայնութեամբ, ԱԺ պատգամաւորը առանց ԱԺ համաձայնութեան չի կրնար զրկուիլ ազատութենէն, սակայն գործող կարգաւորումները չի նախատեսեր արդէն իսկ յարուցուած քրէական հետապնդման շարունակութեան համաձայնութիւն ստանալու կառուցակարգ, ընթացակարգ, միեւնոյն ժամանակ, սահմանադրական կարգը կը նախատեսէ բոլոր իրավիճակներու վրայ տարածուող անձնական անձեռնմխելիութիւն։