image
Հրատապ լուրեր:

ԲՀԿ-ն պիտի չմասնակցի ՏԻՄ ընտրութիւններուն

ԲՀԿ-ն պիտի չմասնակցի ՏԻՄ ընտրութիւններուն

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը պիտի չմասնակցի 17 Հոկտեմբերին կայանալիք ՏԻՄ (Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու) ընտրութիւններուն։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ԱԺ նախկին պատգամաւոր Արման Աբովեանը։

«Այս որոշումը մեր կուսակացութեան եւ քաղխորհուրդի երկար քննարկումների արդիւնքում է ընդունուել։ Նոյեմբերին եւ Դեկտեմբերին կայանալիք ընտրութիւնների մասին յաւելեալ կը տեղեկացնենք»,- նշած է Աբովեանը։ 

Յիշեցնենք, որ 17 Հոկտեմբերին ընտրութիւններ պիտի կայանան Գորիսի, Մեղրիի, Տաթեւի, Տեղի, Դիլիջանի եւ Գիւմրիի մէջ: