image

ԲՀԿ-ական նախկին պատգամաւոր Ճանիպեկ Հայրապետեանը կալանաւորուած

ԲՀԿ-ական նախկին պատգամաւոր Ճանիպեկ Հայրապետեանը կալանաւորուած

Երեւան քաղաքի Ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը բաւարարած է նախաքննական մարմնի միջնորդութիւնը եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան (ԲՀԿ) նախկին պատգամաւո՝ Ճանիպեկ Հայրապետեանը կալանաւորուած է: Այս մասին յայտնած է ԲՀԿ-ական նախկին պատգամաւոր Վահէ Էնֆիաճեանը:

«2 ամսով կալանաւորելը անընդունելի մօտեցում եւ որոշում է: Այդ գործողութիւնները տեղի են ունեցել  2016 թուականին,  եւ Ճանիպեկ Հայրապետեանի մասնակցութիւնը այդ գործընթացի հետ շատ յարաբերական է, եւ այս պահի դրութեամբ տեսնում ենք, որ ակնյայտ միտում կայ` նախկին պատգամաւորի նկատմամբ խափանման միջոցը փոխել եւ կալանքի տակ պահել», ըսաւ ան աւելցնելով, որ կալանաւորման որոշումը անպայման պիտի բողոքարկուի:

Նախկին պատգամաւորը նշեց, որ Ճանիպեկ Հայրապետեանը բազմիցս ներկայացուցած է, որ այդ դէպքին հետ ինք առնչութիւն չունի: Էնֆիաճեան չբացառեց, որ որոշակի քաղաքական նպատակներով այս գործը վերաբացուած է:

Յիշեցնենք, որ Հայրապետեան ձերբակալուած էր: Անոր մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 112-րդ յօդուածի առաջին մասով (Դիտաւորութեամբ առողջութեան ծանր վնաս պատճառել): Թէ յստակ ինչ դէպքի մասին է խօսքը, նախաքննական մարմինը չէ բացայայտած: